Թրքական թերթեր կը գրեն, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման առնչութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը, դժգոհութիւններու ճամբայ բացած է Թուրքիոյ պետական ու հասարակական շրջանակներուն մէջ։

Մամուլը կը յիշեցնէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներուն առնչութեամբ Ատրպէյճանի բողոքներուն տեղի տալով՝ Թուրքիա «աղբաման նետած էր» այդ փրոթոքոլները, հակառակ Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան ճնշումներուն, սակայն նոյն կեցուածքը չցուցաբերուեցաւ «եղբայր Ատրպէյճան»էն։
Թերթերը կը գրեն, թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը զանազան մակարդակներու վրայ բողոքի ձայն բարձրացուց, սակայն իշխանութիւնները «մահացու լռութիւն» պահեցին ու ժողովուրդին բողոքը անպատասխան մնաց: «Ենի Շաֆաք»ին համաձայն, Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն չափ խորունկ եւ հասարակաց անցեալ մը ունին, եւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերջերս «Ֆրանսայի քոյր պետութիւն» որակած էր Հայաստանը։