Ատրպէյճանական Turan լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ 2013 թուականի Յունուարին Վրաստանը դադրեցուց Ատրպէյճանէն ելեկտրական ուժանիւթի գնումը.

Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ միջոցառում մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. այս մասին կը տեղեկացընէ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ:

Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կանանց վրայ յարձակումները իրականացնելու յանցանքով մեղադրուող Մուրատ Նազարեանի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, փաստաբանուհի Էրեն Քեսքին պահանջած է ջնջել յարձակումներուն գծով հետաքննութիւնը գաղտնաբար վարելու որոշումը եւ հետազօտել կասկածեալին հոգեկան վիճակը:

Սամաթիոյ մէջ չարագործական այն դէպքերը, որոնք ծնունդ առին 85ամեայ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութեամբ եւ երեք հայ կիներու դէմ գործուած յարձակումներով, լուսաբանութեան նոր փուլի մէջ մտան Մուրատ Նազարեանի ձերբակալութեամբ:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը՝ նուիրուած Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներուն եւ այդ յարձակումներու յանցագործին: