Ատրպէյճանական Turan լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ 2013 թուականի Յունուարին Վրաստանը դադրեցուց Ատրպէյճանէն ելեկտրական ուժանիւթի գնումը.
ուժանիւթի ներկրման ու արտահանման գործարկութիւնները պիտի կատարէ միայն Ռուսաստանին հետ:
2012 թուականի Յունուարին Վրաստանը Ատրպէյճանէն ներկրեց 296.676 կվտ/ժամ ուժանիւթ եւ Ատրպէյճանը արտահանեց 1135 կվտ/ժամ ուժանիւթ: Նախորդ տարի Վրաստանը ուժանիւթ փոխանակած է Ռուսաստանի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ: Այս մասին կը յայտնէ 168.am կայքը: