Կասկածելիին ձերբակալման լուրէն աւելի հետաքրքրութիւն ստեղծած է անոր ազգային պատկանելիութիւնը, քանի որ այս հարցը դարձած էր շատ զգայուն, տեղի տալով՝ հայերու դէմ նոր արշաւի մը, ցեղապաշտական դրդումով գործուող արարքներու առընչուող կասկածներու

Ինչպէս օրին գրած էինք, Մարտ 4ին, թրքական ապահովութեան ուժերը Սամաթիոյ մէջ ձերբակալած են Մուրատ Նազարեան անունով հայ մը, զոր կը նկատեն Սամաթիոյ թաղամասին մէջ հայ տարեց կիներու վրայ գործուած յարձակումներուն հեղինակը:

Կատարուած արեան քննութենէն պարզուած է, որ Սամաթիոյ մէջ սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի պայուսակին վրայ գտնուած արիւնը եւ կասկածելիին արիւնը նոյնն են: 36ամեայ ամբաստանեալը նախ ուրացած է իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնը, ապա խոստովանած է, ըսելով թէ գողցած ոսկեղէններն ալ վաճառած է ոսկերիչի մը: Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ թէ հիմա գրեթէ վստահ է թէ ա՛ն է Սամաթիոյ մէջ գործուած յարձակումներուն հեղինակը, բայց տակաւին կը քննուի թէ ան կապ ունէ՞ր Շիշլիի մէջ գործուած յարձակումներուն հետ եւս, թէ՝ ոչ:

Այս զարգացումներէն ետք, ոստիկանութիւնը փարատելու համար ցեղապաշտական վարկածը, բազմիցս կրկնած է թէ խնդրոյ առարկայ յարձակումները կատարուած են գողութեան նպատակով:

Հարցը դարձած էր շատ զգայուն, տեղի տալով՝ հայերու դէմ նոր արշաւի մը, ցեղապաշտական դրդումով գործուող արարքներու առընչուող կասկածներու:

«Հիւրրիյէթ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը համաձայն, Մուրատ Նազարեան հայկական ծագում ունենալով հանդերձ մահմետականութիւնը ընդունած էր, այս պատճառաւ ալ հեռացած էր իր ընտանիքէն ու առանձնացած: Այն պանդոկին տէրը, ուր կը մնար Նազարեան, պատմած է որ ան ձերբակալուեցաւ երբ վերադարձաւ նամազէն: Մինչ նոյն պանդոկի բնակիչ կին մը ըսած է, թէ Նազարեան չի նմանիր այնպիսի մէկուն, որ կրնայ նման արարքներ գործել, բայց՝ յարձակումի ենթարկուածներէն ոմանք հաստատած են որ յարձակող անձը ա՛ն էր: