Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կանանց վրայ յարձակումները իրականացնելու յանցանքով մեղադրուող Մուրատ Նազարեանի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, փաստաբանուհի Էրեն Քեսքին պահանջած է ջնջել յարձակումներուն գծով հետաքննութիւնը գաղտնաբար վարելու որոշումը եւ հետազօտել կասկածեալին հոգեկան վիճակը:
Հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին համաձայն՝ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը կազմակերպած է այս հարցով մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Քեսքին յայտնած է, որ Նազարեանի հետ հանդիպման ընթացքին Մուրատը կ՛արտասուէր եւ հարցումներուն յաճախ կը պատասխաներ՝ «չեմ յիշեր» ըսելով:
«Ենթադրութիւնս այն է, որ Նազարեան հիւանդ է: Եթէ այդ յարձակումները ա՛ն իրականացուցած է, ապա՝ ան առանձինն չէ եղած: Ականատեսներ կը վկայեն, որ ինքնաշարժի մը մէջ երկու անձեր սպասած են իրեն: Բացի ատկէ, Նազարեան որոշ ժամանակ մը թմրանիւթի մոլութենէն ձերբազատելու փորձեր կատարած է եւ ուրիշներու կողմէ շահագործուող անձ մը կրնայ ըլլալ», նշած է Քեսքին՝ շեշտելով, թէ իրեն համար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ քննութիւնը գաղտնի պահելու որոշում կայ: