Արտայայտուելու եւ մամլոյ ազատութեան սահմանափակումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի մէջ՝ միջազգային քննադատութեանց պատճառ դառնալով.

այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Contact.az» կայքը՝ անդրադառնալով «Լրագրողներ առանց սահմաններու» (Reporters without Borders) կազմակերպութեան հրապարակած «Մամլոյ ազատութեան ցուցակ՝ 2013»ին (2013 Press Freedom Index):

Ցանկին վրայ ընդգրկուած 179 երկիրներու շարքին, Ատրպէյճան կը շարունակէ մնալ «անազատ» եւ յետնապահի կարգավիճակին մէջ՝ զբաղեցնելով 156րդ հորիզոնականը: «Քաղաքական անկայունութիւնը շատ յաճախ կ՛ազդէ երկիրի լրատուամիջոցներուն վրայ եւ կը խոչընդոտէ լուրերու ճշգրիտ մեկնաբանութիւնը: Նման իրավիճակներու մէջ, սպառնալիքներն ու ֆիզիքական յարձակումները դարձած են սովորական երեւոյթ», գրուած է զեկոյցին մէջ:

Ցանկին վրայ, Հայաստան երեք դիրքերու յառաջդիմութիւն արձանագրած է՝ գրաւելով 74րդ հորիզոնականը, մինչ Վրաստան կը գտնուի 100րդ դիրքին վրայ, իսկ Ռուսիա եւ Թուրքիա կը գրաւեն յաջորդաբար 148րդ եւ 154րդ դիրքերը:

Առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Ֆինլանտան, Հոլանտան եւ Նորվեկիան, իսկ վերջին երեք դիրքերը՝ Թուրքմէնիստանը, Հիւսիսային Քորէան եւ Էրիթրէան: