ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ ատրպէյճանական նախարարաց խորհուրդին կողմէ Ատրպէյճանի խորհրդարանին ուղարկուած 2012ի զեկուցումը կը յայտնէ,

 որ անցնող 9 տարուան ընթացքին օտար երկիրներու մէջ բնակող ատրպէյճանցիներու կողմէ 215 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ հիմնուած են:

Ըստ զեկոյցին, անցեալ տարուան ընթացքին, սփիւռքեան 9 նոր կազմակերպութիւններ հիմնուած են: Այդպէս աշխարհի մէջ ատըրպէյճանական սփիւռքի կազմակերպութիւններու թիւը հասած է 433ի: