«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը՝ նուիրուած Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներուն եւ այդ յարձակումներու յանցագործին:

Հաւաքոյթին ներկայ         գտնուած են Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյն Աւնի Մութլու, Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Հիւսէյն Չեփքի, Ֆաթիհ գաւառակի ապահովութեան տնօրէն Իրֆան Պեքարօղուլլար, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղայիններ եւ պատաս-խանատուներ:

Խօսք առած է Պոլսոյ կուսակալը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքի ապահովութեան տնօրէնին՝ յայտնաբերելուն համար «այս հարցին հեղինակ Մ. Նազարեանը, որ իրականութեան մէջ սովորական չարագործ մըն է»: