Թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը այս տարի քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկ մը, որ պիտի սկսի կազմակերպութեան սրահին մէջ այսօր 23 Ապրիլին բացուելիք ցուցահանդէսով:

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն այսպիսի հարցազրոյցներ

Ատանայի մէջ Կրթական Արհմիութեան (Սէնտիքա) մը կողմէ 800 ուսուցիչներու եւ 1066 աշակերտներու վրայ կատարուած հարցազրոյցի մը համաձայն աշակերտութեան 70 տոկոսը կը հաւատայ որ այս երկրին հայերը, յոյներն ու հրեաները, եթէ առիթ մը գտնեն, վնաս կը պատճառեն Թուրքիոյ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիա այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, շարք մը այլ հարցերու կողքին՝ խորհրդակցելու համար նաեւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ:

«Ցեղասպան մահմետական երկիրը կը զգուշացնէ ցեղասպանութեան մասին, եթէ Եւրոպան չընդունի մուսուլմանները» խորագրով լոյս տեսած է Front Page Mag պարբերականը:

Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու հողերը գրաւած ըլլալու համար

Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչպէս նաեւ այդ երկրի երկու  հզօրագոյն դրամատուներ՝ Կեդրոնական եւ Գիւղատնտեսական դրամատուները՝ ամերիկեան դատարանի առջեւ պիտի կանգնին, հայերու կողմէ ամբաստանութիւններ դիմագրաւելու համար: