Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Ատրպէյճանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հատուածէն ներս մահացած են առնուազն 21 զինծառայողներ

17-23 Մարտի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 350 անգամ։

Տիարպէքիրի Քուլփ գիւղաքաղաքի մերձակայ Արկիւն գիւղին մէջ գտնուող հայոց պատմական եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ։

Թրքական «Հապեր3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Շուէտի մէջ խօսած է 11 Մարտ 2010-ին Շուէտի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:

Մալաթիոյ քաղաքապետարանը որոշած է Հրանդ Տինքի անունով վերանուանել Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող այն փողոցը, ուր ծնած էր «Ակօս» թերթի հիմնադիրն ու նախկին գլխաւոր խմբագիրը: