Հատուցման գումարը ապագային ճշդելու իրաւունքը ինքզինքին վերապահելով՝ Մարդկային Իրաւանց Դատարանը վճիռ արձակեց, ճանչնալով հելլէնուհիի մը ժառանգական իրաւունքը Թուրքիոյ մէջ:

«Այո՛, մենք՝ հայերս, այս հողերուն վրայ աչք ունինք, որովհետեւ մեր արմատները այստեղ են, սակայն մի անհանգստացէք, ոչ թէ այս հողերը վերցնել-տանելու, այլ այս հողերու խորքն անցնելու համար…»: Հրանդ Տինք

Թուրք Լրագրողներ Պիտի Յարգեն Հրանդ Տինքի Յիշատակը

Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը Երկուշաբթի, Յունուար 20ին պիտի ոգեկոչէ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը, կը տեղեկացնէ թրքական «Սթար» թերթը:

Ճափոնական «Տը Ասահի Շիմպուն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ճափոն եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են հիւլէական ուժանիւթի համաձայնութիւն մը կնքելու։

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Պոլսոյ պատմական շէնքերէն «Սէլամէթ խան» (խան=գործարարական շէնք), որ վերադարձուեցաւ հայ համայնքին, վարձու տրուեցաւ եւ պանդոկի պիտի վերածուի: