Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի եւ յայտնի չէ, թէ տակաւին որքա՛ն պիտի քաշքշուի։

Դատական նորագոյն նիստին ընթացքին, դատարանը որոշեց ձերբակալել նաեւ ամբաստանեալներ Օսման Հայալը ու Զէյնել Ապիտին Եավուզը։ Դատարանին որոշումէն անմիջապէս ետք երկուքն ալ ձերբակալուեցան։