Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման պատճառով ատրպէյճանցի քափիթեն մը սպաննուած է:

Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են:

Թուրքիա-Պուլկարիա սահմանագիծին վրայ, այսօր սկսան ցանկապատի մը կառուցման շինութիւնները: 30 քիլոմեթր երկարող ցանկապատի կառուցմամբ՝ Սոֆիա կ'ակնկալէ նուազեցնել անօրինական ներգաղթը երկրէն ներս:

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւով առաջինը Թուրքիան է:

Յունուար 19, 2007ին սպաննուած Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Պոլսոյ մէջ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներու մասնակցութեամբ։ Անոնք պահանջեցին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով արդար դատավարութեան պայմաններ։