Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Պոլսոյ պատմական շէնքերէն «Սէլամէթ խան» (խան=գործարարական շէնք), որ վերադարձուեցաւ հայ համայնքին, վարձու տրուեցաւ եւ պանդոկի պիտի վերածուի: 

Ետիգուլէի Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հիմնադրամը 2011ին պետութենէն վերստացած է այս շէնքը, որ կը գտնուի Սիրքէճի թաղամասին մէջ: Հիմնադրամի վարչութիւնը որոշած է զայն վարձու տալ: Անոր նախագահը Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, թէ եկամուտը պիտի գործածուի հիւանդանոցի եւ տնային հիւանդապահութեան ծախսերուն:
Շէնքը կառուցուած է ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւորի կողմէ եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկը 1954ին զայն նուիրած է հիւանդանոցին: Ապա, պետութեան կողմէ գրաւուած է 1974ին:
Ինչպէս ծանօթ է, թրքական պետութեան կողմէ վերջերս ստորագրուած օրէնքով մը որոշուեցաւ փոքրամասնութեանց պատկանող ունեցուածքը վերադարձնել անոնց: Թէեւ ցանկին վրայ նախատեսուած 410 անշարժ գոյքերէն միայն 96ը վերադարձուած է մինչեւ օրս: