- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Նախորդ տարուայ ընթացքին Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը աւելցած ու անցած է 9 միլիոն 477 հազարը: Այս մասին կը հաղորդէ APA լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու խնդիրներով պետական կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հաղորդած էինք նախապէս, թէ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ դատ բացած էր՝ ետ առնելու համար հիւանդանոցին պատկանող հանդիպակաց ընդարձակ դաշտը։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Ակօս» շաբաթաթերթին դէմ համացանցային յարձակման եւ գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշին սպառնալու հարցով «Ակօս»-ի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու դիմած է դատախազութեան՝ յիշեալ դէպքերուն շուրջ հետաքննութեան սկսելու համար:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Թուրքիոյ արեւելեան սահմանին Հայաստանի կողմէ Ախուրեան գետի ափին, ժամանակի հզօրագոյն մայրաքաղաք Անին, որ նշանաւոր է իբրեւ «հազարումէկ եէեղեցիներու քաղաք», ներկայիս աւերակ է»: «Տի Աթլանթիք» ամսաթերթը այսպէս կը սկսի յօդուածը՝ հայոց հնագոյն մայրաքաղաք Անիի մասին:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Վանի Բաշքալէ շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ մտադիր է վերակառուցել Սուրբ Բարդուղիմէոս 1700-ամեայ եկեղեցին, որ քաղաքացիներու համար բացուած է, երբ եկեղեցւոյ մօտէն այլ վայր փոխադրուած է Իրանին սահմամամերձ Ալբայրաք գիւղի մէջ 31 տարի տեղակայուած 3-րդ սահմանային զօրամասը: