Թուրք Լրագրողներ Պիտի Յարգեն Հրանդ Տինքի Յիշատակը

Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը Երկուշաբթի, Յունուար 20ին պիտի ոգեկոչէ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը, կը տեղեկացնէ թրքական «Սթար» թերթը:

Յիշատակի այս արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մասնագիտութեան մէջ հետք ձգածները» խորագիրով
համաժողովին ծիրէն ներս: Միջոցառման հրաւիրուած են «Ակօս»ի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ եւ այլ լրագրողներ:


Ստորեւ «Ակօս» թերթի գրութիւնը նուիրուած Հրանդ Տինքի յիշատակին.-
Վեց լման տարիներ անցան Հրանդ Տինքի սպանութենէն: Կեանքը շարունակուեցաւ իր հունին մէջ: Սարսափը, շանթահարուած ըլլալու հոգեբանութիւնը տարուէ տարի յանգեցաւ, իր տեղը թողելով գիտակցութեան: Թէեւ գիտակցութիւնը այդ նոյն պահուն, Հրանդի ինկած պահուն, յանգած էր եզրակացութեան: Ոչ միայն մենք՝ Հրանդի անմիջական շրջանակը, այլ բովանդակ Թուրքիոյ բնակչութիւնը նոյն պահուն գիտակցեցաւ, որ այս ոճիրի հեղինակը նոյնինքն պետութիւնն է: Այլ կերպ մտածեցին միայն ուրացողները:
Պատմութիւնը, պատմական իրողութիւնը ուրացողները ոճիրի հեղինակն ալ ուրացան: Օրուան Պոլսոյ կուսակալը «Ակօս»ի աստիճաններուն վրայ շուրջինները համոզել կը ջանար, որ պատահածը անհատական յանցագործութիւն մըն էր: Այս պահուն, երբ կասկած չունինք ոճիրի հեղինակին մասին, նշանակութիւն ալ չունի շարունակուող դատավարութիւնը: Բայց Հրանդէն մեզի փոխանցուածը իր տողերուն մէջ արդէն: «Պահ մը թողունք մեռածներու թիւին մասին վիճաբանելը եւ խօսինք վերապրողներու մասին» ըսած էր Հրանդ Տինք: Շուտով պարզուեցաւ, որ ուրացումը որդեգրողները շատ աւելի անհանգիստ պիտի ըլլային վերապրողներու մասին խօսելով:
Անոնց առաջին սարսափը յայտնի դարձաւ, երբ բազմահազարներ վանկարկեցին՝ «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսը: Իրենք ալ գիտէին որ այդ զանգուածը հայ չըլլալով հանդերձ մէկ կողմ շպրտած էր ամբողջ հանրապետութեան շրջանին տիրող հայատեայց քարոզչութիւնը եւ տէր կը կանգնէր հալածուած, սպաննուած հայուն: Սարսափ պատեց նաեւ պահպանողական հայերուն, բայց Հրանդ Տինք իր վերջին հանգստարանին մէջ հանգիստ կը ննջէ հպարտութիւն պարգեւելով իր գաղափարակիցներուն: