Էրտողան Կը Խօսի Իր Կառավարութեան Դէմ
«Աղտոտ Գործողութեան» մասին

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Թուրքիան ցնցուեցաւ մօտաւորապէս 50 աղմկայարոյց ձերբակալութիւններով, որոնք տակնուվրայ ըրին երկրի սակարանը:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պատմաբան եւ հետազօտիչ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ հրապարակ հանեց «24 Ապրիլ 1915» խորագրեալ կոթողային ուսումնասիրութիւն մը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ նուիրուած է 1915ի 24 Ապրիլի գիշերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ոդիսականին եւ այդ պահէն ետք գործուած ոճիրներուն ու մաքրագործումներուն։

Մեծ տպաւորութիւն ստեղծած է թրքական մամուլին մէջ, Ահմետ Տաւութօղլուի երկու յաջորդական օրերու մէջ Երեւանի եւ Աթէնքի ցոյցերու կազմակերպումը:

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պատմագիտական ընկերութիւնը Կրթական բարձրագոյն ընկերութեան միջոցով փորձած է Թուրքիոյ համալսարաններէն ճշդել հայկական հարցին վրայ աշխատող ուսանողներու անունները, անոնց աշխատութիւններուն վերնագիրներն ու անոնց հետ կապուելու կարելիութիւնները:

Հակառակ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հերթական հաւաքին մասնակցելու նպատակով Երեւանէն ուղարկուած հրաւէրին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով որոշած է Հայաստան չայցելել: