«Այո՛, մենք՝ հայերս, այս հողերուն վրայ աչք ունինք, որովհետեւ մեր արմատները այստեղ են, սակայն մի անհանգստացէք, ոչ թէ այս հողերը վերցնել-տանելու, այլ այս հողերու խորքն անցնելու համար…»: Հրանդ Տինք

Ամբողջ աշխարհի մէջ կարելի չէ գտնել հայ որ լսած չըլլայ կամ չիմանայ թէ ո՞վ էր Հրանդ Տինքը կամ թէ ինչպե՞ս սպաննուեցաւ ան: Սակայն, դժբախտաբար, իր մասին շատերը իմացան ոչ թէ կեանքի օրերուն, այլ մահէն յետոյ… Եւ, իրապէս ցաւալի էր իր սպանութիւնը, այնուամենայնիւ պէտք է արձանագրել, որ Տինքը հազուադէպօրէն հանդիպող անհատականութիւն մըն էր, որ շատ բան փոխեց իր կեանքի ընթացքին, բայց մանաւանդ իր մահով...
Վեց տարիներ անցած են իր սպանութեան օրէն: Բայց համայն մարդկութիւնը կը յիշէ այդ բազմահազար մարդոց կենդանի ալիքը, որ տարածուեցաւ «Ակօս»ի խմբագրատան դրան առջեւէն, հասնելով մինչեւ գերեզմանատուն, երբ ուղեկցեցաւ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան: «Ես ալ Հրանդ Տինք եմ» լոզունգը հնչեց հազարաւորներու բերնէն, որոնք հայ չէին: Թրքական ընկերութեան համար շշմեցուցիչ իրականութիւններ պարզուեցան Հրանդ Տինքի մահով: Տինք գաղափարապաշտ անձ մըն էր, որ կը հաւատար թէ Թուրքիան կրնայ փոխուիլ եւ այդ հաւատքն էր որ զինք կը մղէր բարձրաձայնելու հայկական խնդիրները, պահանջելու քակել «թապու» հարցերը: Ո՞վ կրնայ հերքել թէ ան մասամբ կարողացաւ կատարել այդ յեղաշրջումը:
1996էն ետք երբ Տինքի խմբագրապետութեամբ հիմնուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթը, իւրայատուկ դեր վերապահուեցաւ իրեն պոլսահայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ յաճախակի դարձուց Հայոց Ցեղասպանութեան, իսլամացած հայերու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած խնդիրները:

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԻՆԸ

Վերջինը՝ Երեւանի թիւ 44 դպրոցն էր, որ երկու ամիս առաջ կնքուեցաւ «Հրանդ Տինք» անունով։ Երկրորդը՝ Փարիզեան շրջանի՝ Արնուվիլ արուարձանի հայկական վարժարանն է։ Իսկ, առաջինը՝ շատ տարօրինակ «դպրոց» մըն է, անպաշտօն արտասովոր կրթական կառոյց մը, Պոլսոյ ծոցը՝ Կէտիկփաշայի հայ աւետարանական Ս. Աւետարան եկեղեցւոյ շէնքին մէջ։

 

Հրանդ Տինք (ձախին) իր դպրոցի ոտնագնդակի խումբի ղեկավարն էր:
Ան Թուզլայի որբանոցի մէջ խնամուած էր:
Ներկայիս այդ վարժարանը փակուած է:

 

Այս եկեղեցին անցեալին ապաստան տուած է Հրանդ Տինքին եւ անոր գաւառացի սերնդակիցներուն, որոնք Թուրքիոյ գաւառներէն Պոլիս ղրկուած էին կամ բերուած էին պատուելի Հրանդ Կիւզէլեանի կողմէ։ Նոյն ընթացքին Շնորհք պատրիարքն ալ գաւառէն մանուկներ ու պատանիներ հաւաքելու նախաձեռնած էր։ Այդ սերունդներն են, որոնք այսօր կը կազմեն պոլսահայութեան մեծամասնութիւնը։
Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» դպրոցը գոյութիւն ունի, Հայաստանցի արտագաղթողներու Պոլիս հաստատուելէն ի վեր։ Թաքուն անպաշտօն դպրոց մըն է, թրքական պետութեան կողմէ «թոյլատրուած»։ Յաճախ քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձած է, ըլլայ թրքական կամ Հայաստանեան կողմէն։ Հոն կը յաճախեն հայաստանցի անապաստան կամ գաղթական ընտանիքներու զաւակները, որոնք մինչեւ երկու-երեք տարի առաջ, բնաւ հայկական վարժարան արձանագրուելու իրաւունք չունէին։ Ինչպէս գիտենք, հայկական կրթական հաստատութիւնները խիստ օրէնքներու եւ հսկողութեան ենթարկուած կառոյցներ են։Ներկայիս հայաստանցի աշակերտները կրնան ընդունուիլ Պոլսոյ հայկական վարժարանները իբր այցելու աշակերտ։ Այսինքն՝ չեն կրնար վկայուիլ։ Անոնց ուսումը կը մնայ անճանաչ։
Ուրեմն, տասնամեակէ մը աւելի է, որ Ս. Աւետարան եկեղեցին իր դռները բացած է հայաստանցի բոլոր ընտանիքներու առջեւ եւ անոնց արեւելահայերէնով կը դասաւանդէ մեր մայրենի լեզուն եւ այլ առարկաներ։ Հոն կը կիրարկուի աբեղեանական ուղղագրութիւնը եւ աշակերտները կը սորվին ռուսերէն եւ ո՛չ՝ թրքերէն…։
Այսպէս կամ այնպէս գայթակղալի վիճակ մը, որուն արմատները կը գտնուին Հայաստան, ուր արդէն ժողովուրդի շատ մեծ մասը հեռացած է երկրէն եւ այսօր ճակատագրի դաժան խաղով մը, ինչպէս Ռուսաստան եւ այլուր հաստատուած միլիոնաւոր Հայաստանցիներ, ոմանք ալ ապաստան գտած են Պոլիս եւ Թուրքիոյ այլ երկրորդական քաղաքներուն մէջ, հայ ժողովուրդին մեծագոյն աղէտը պատճառած պետութեան ծոցը անոր տնտեսական նպաստաւոր պայմաններէն օգտուելով՝ կարենալ գոյատեւելու համար, հակառակ՝ անոր Ցեղասպանութեան հանդէպ ժխտողական կեցուածքին ու վարած հակահայաստանեան քաղաքականութեան։

 

ՀԱՅ ԸԼԼԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ...

Տարբեր զգացում մըն է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը...
Ճիշդ է որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, հազարաւոր մարդիկ պոռացին՝ «Մենք բոլորս հայեր ենք», բայց... կարգ մը շրջանակներ չհասկնալով այս կարգախօսը, որ կը նշանակէր՝ «Բոլորս մարդկային արարածներ ենք», այլ տարողութիւն տուին վէճերու, բայց...
Տարբեր զգացում մըն է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը....
Իրականութիւնը այն է, որ բաւարար չէ բարձրաձայն պոռալ հայ ըլլալու համար... Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ բարեկամներդ լսել՝ «Մեզի համով թոփիկ մը պատրաստէ, որ ուտենք»:
Հայ ըլլալ կը նշանակէ տեսնել տարօրինակ նայուածք մը՝ պետական պաշտօնեայի դէմքին վրայ, երբ պետական գրասենեակ մը կ’երթաս, եւ երբ կ’արտասանես քու անունդ, նոյնիսկ՝ անոր հեգնական արտայայտութիւնը, երբ ան քեզի կը հարցնէ՝ «Հա՞յ ես»: Կը նշանակէ, որ անունդ միշտ սխալ կը գրուի:
Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ զինուորական ծառայութիւն կ’ընես, քու ընկերներդ քեզի կ’ըսեն՝ «Հաճիս արտասանէ Մոհամետի վկայութեան ուխտը»:
(Այդ նախադասութեան արտասանութեամբ կ’իսլամանան, իսկ այն իսլամը, որ կը յաջողի զայն արտասանել տալ «անհաւատ»ի մը, դրախտին կ’արժանանայ, կը քարոզեն Թուրքիոյ մոլլաները)։
Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ ձեր զաւակը, կարդալէ ետք հակահայ գրութիւններ իր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, գայ եւ ձեզի հարցնէ հարցումներ, եւ դուք պատասխաններ չգտնէք անոնց...
Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ բարեկամ մը ձեզի ուրիշներու ծանօթացնէ՝ ըսելով՝ «Հայ ընկեր մը», ստիպուած ըլլայ աւելցնելու՝ «Բայց իրապէս լաւ անձ մըն է»:
Հակառակ ամէն ինչի, Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ կը նշանակէ կարենալ սիրով երգել «թրքական դասական երգերը» խնճոյքի սեղանի մը շուրջ.... (յօդուածագիրը կ’ակնարկէ թրքական դասական երգերուն, որոնց արմատները հայկական շարականներ են, որովհետեւ անոնց հեղինակները մեծ մասամբ հայ եւ յոյն էին. արդի Թուրքիոյ մէջ այդ երգերը մեծ ժողովրդականութիւն չեն վայելեր, եւ անոնց կառչած է առաւելաբար պոլսահայութիւնը, հասկնալի պատճառներով )։
Հակառակ ամէն ինչի, դժուար կացութիւններու մէջ բարեկամներ քեզի կ’ըսեն՝ «Մի՛ նեղանար, տգէտներ են, մենք քեզի կը ճանչնանք եւ կը սիրենք»...
Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ տատամսիլ, երբ անունդ կու տաս անծանօթի մը եւ զգուշութեամբ կը սպասես անոր հակազդեցութեան....
Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ բացատրութիւն գտնել, երբ հեռատեսիլէն նախարար մը «Հայկական ծագում» հայհոյանքը կը գործածէ՝ խօսելով ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարի մը մասին (ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Էօճալան), եւ ձեր զաւակները կը լսեն այդ արտայայտութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ այն հարցումները, որոնք ձեզի կ’ուղղուին ձեր տեսակէտին մասին, երբ Ֆրանսայի մէջ օրէնքի մը քննարկումը տեղի կ’ունենայ... ստիպուած կ’ըլլաք «այսպէս ըսուած» բառը աւելցնելու ձեր պատասխանին առջեւ....
Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ չես կրնար պետական պաշտօնեայ ըլլալ, ոչ իսկ աղբահաւաք մը:
Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ գիտնալ, որ ձեր դպրոցներուն մէջ «զետեղուած» ուսուցիչներու ըսուած է. «Ուշադի՛ր եղէք, դուք մեր ականջները եւ աչքերն էք...»: