Բարձ մը ձեռքին եւ հագուստեղէնով լեցուն փոքրիկ պայուսակով մը՝ Թորպալըի բանտի վարչութեան առջեւ ներկայացաւ բառարանագէտ ու շինարար Սեւան Նշանեան, Հինգշաբթի, 2 Յունուարին։

Ան  բանտարկուեցաւ երկու տարուան պատիժով: Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած են, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար:
Նշանեան բանտ մտնելէ առաջ խօսեցաւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ու ըսաւ, որ կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը:
Նշանեան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ ասիկա այլեւս ամէն մարդ գիտէ: «Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում: Այսօրուան խնդիրը Կիւլենի համայնքին կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛: Բանտէն ելլելէ ետք ալ ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ», աւելցուց  ան: