Եւրոպական Միութիւնը եւ Ատրպէյճան կը բանակցին գաղթականութեան մասին համաձայնագրի մը շուրջ, ըստ որու Ատրպէյճան յանձնառու կ'ըլլայ վերընդունելու իր այն քաղաքացիները, որոնք գաղթած են Եւրոպական Միութեան երկիրներ եւ ուր կը գտնուին ապօրինի իրավիճակի մէջ:

Այս բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուած է նաեւ հայ քաղաքացիներու, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններէն եղողներու վերընդունման պարագան: