Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպակայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստը, ուր քննարկուեցաւ Ռամիլ Սաֆարովի Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանի արտայանձնման հարցը: Այս հարցի մասին զեկուցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ԵԽԽՎ
Հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, նշելով որ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումը դատապարտող բանաձեւ ընդունուեցաւ։ Պատգամաւորը իր դիմատետրի էջին մէջ գրած է։
«Նիստի օրկարգին մէջ ներառնուած էր «Դատապարտուած անձերու փոխանցման մասին» համաձայնագրի չարաշահումը կանխարգիլելու միջոցառումներու մասին» ԵԽԽՎ բանաձեւի նախագիծը։ Բանաձեւը ըստ էութեան փաստեց, որ Սաֆարովի արտայանձնումը եղած է համաձայնագրի չարաշահում եւ կը հակասէր բարի կամքի եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն։
Բանաձեւը կը փաստէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ չարաշահուած է համաձայնագրի 12-րդ յօդուածը, որու նպատակը առաւելապէս մարդասիրական է, եւ այն պէտք չէ օգտագործուի այլ նպատակներով։
Նշեմ, որ ատրպէյճանցիները մինչեւ վերջ չկա- րողացան հասկնալ եւ ընդունիլ, որ աղաղակող փաստերու եւ իրողութեան դէմ իրենց ճամարտակութիւնները դատապարտուած էին ձախողման եւ այս փուլին մէջ անգամ, միեւնոյնն է, կը փոր- ձէին ամէն ինչ ընել բանաձեւի ընդունումը տապալելու համար՝ ներկայացնելով ծիծաղելի հակափաստարկներ։
ՇՆորհակալ եմ զեկուցողին՝ անաչառ եւ անկողմնակալ փաստաթուղթ ներկայացնելու համար»: