Թուրք յայտնի երգչուհի Սեզէն Աքսուն Գերմանիոյ Միւնխեն քաղաքի մէջ համերգի ժամանակ կատարած է հայերէն, քըրտերէն եւ թրքերէն երգեր: Այս մասին կը յայտնէ Թրքական T24.com կայքը։

Համերգի ժամանակ երգչուհին կատարած է Ահմետ Քայայի «արտաս- ւելու ժամանակ» ստեղծագործութիւնը, որուն երաժշտութիւնը գրած է Արա Տինքճեան:
Կատարման աւարտին Սեզէն Աքսու չէ կրցած ինքզինք զսպել եւ լալով ըսած է. «մարդը սիրեցէք մարդ ըլլալու համար»: Հանդիսատեսը ի պատասխան սկսած է երգել երգչուհիի՝ «դուն մի արտասուիր» երգը: