Իրենց ճարտարապետական շնորհով ու գիտութեամբ, Պոլսոյ քաղաքին բազմաթիւ կոթողներ ժառանգած Պալեան գերդաստանի գեղեցիկ գործերէն Օրթագիւղի Մէճիտիէ մզկիթը՝ երեք տարուայ նորոգութենէ ետք կը վերաբացուի:

Օսմանեան Սուլթան Ապտուլմէճիտի պատուէրով, Նիկողոս Պալեանի ձեռամբ կառուցուած մզկիթը, 1853ի շինութեան թուականէն ցայսօր, հինգ անգամ վերանորոգութեան ենթարկուած է:

Պատմական աղբիւրներու համաձայն, մզկիթը կառուցուած է Փաթրոնա Հալիլի ապստամբութեան շրջանին փուլ եկած Մահմուտ Աղա Մէսճիտի գտնուած վայրը: Ան այլ արքայական մզկիթներու նման ունի յատուկ «Հիւնքար»ի բաժին եւ ԺԹ դարու Պոլսոյ ճարտարապետական ճաշակը ներկայացնող՝ Նէօ Պարոք ոճի յատուկ նաշխազարդ դիմագիծով ուրոյն օրինակ մը կը հանդիսանայ: Դարձեալ նոյն շրջանին ու ոճին յատուկ լայն ու բարձր պատուհաններու շնորհիւ օժտուած է բնական լուսաւորութեամբ եւ մէկական «շէրէֆէով»:
Երկու մինարէներ ունեցող մզկիթը երկրին բազմակրօն ու բազմամշակոյթ յատկութեան խորհրդանիշերէն է, քանի որ անմիջական հարեւանութեամբ կը գործեն հայոց, յունաց եւ հրէից աղօթատեղիներ:
Նիկողոս Պալեանի այս գեղակերտ օրինակը, ԺԹ դարէն ԻԱ դար երկարող ժամանակահատ- ւածին մէջ եւս պատգամներ ունի փոխանցելու: Յիշենք, որ Չամլըճայի բարձունքին նոր մզկիթ մը կառուցելու նիւթին շուրջ, վարչապետ Էրտողան «Մզկիթի շինութեան մէջ ոչ մահմետականի մը այդ հոգին զգալը դիւրին չէ» ըսած էր: Յայտնի է, թէ այս նախադասութիւնը իր նախնիներու մտայնութիւնը իւրացնելէ զուրկ, մտքի մը պատմութիւնը ուրանալու երեւոյթն է: