Երէկ Երեքշաբթի գիշեր խորհրդարանի վաւերացման յանձնուեցաւ՝ Eurogroup-ի կողմէ 6.8 միլիառ եւրոյի գումարի փոխանցման նախապայման նկատուող նոր օրինագիծը, որ բաղկացած է 109 յօդուածներէ եւ ըստ էութեան՝ ճանապարհ կը հարթէ հազարաւոր պաշտօնեաներու աշխատանքէ արձակումը նախատեսելով:

Երիտասարդութեան գործազրկութեան հարցի կապակցութեամբ Յունաստան կը դիմագրաւէ իր ամէնավատ ժամանակաշրջանը: Այս խօսքերով յատկանշեց Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, հելլէն նոր սերունդի անհեռանկար ապագայի հարցը, դիտել տալով թէ արտահերթ լուծումներու պէտք է երթալ, ահազանգային վիճակը դարմանելու համար:

ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ԿԱԶԻ ՀԱՆՔԵՐԷՆ՝ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱ

TAPի տնօրէն Քճեթիլ Թունկլանտի եւ Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Եանիս Սթուրնարասի միջեւ երէկ հանդիպում կայացաւ եւ խողովակաշարը հիւրընկալող երկրի մասին համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:

Յունաստանի քաղաքական կեանքէն ներս վերջին երեք 24 ժամերը յատկանշած իրադարձութիւնները՝ կառավարական նոր կազմի ձեւաւորման առաջնորդեցին:

Մինչ յոյն անասնաբոյծները սահմանափակ կարողութիւններով կը փորձեն դիմանալ...

Թրքական Ulker ընկերութեան Icim անունով կաթը մուտք գործած է յունական շուկայ: