Մինչ յոյն անասնաբոյծները սահմանափակ կարողութիւններով կը փորձեն դիմանալ...

Թրքական Ulker ընկերութեան Icim անունով կաթը մուտք գործած է յունական շուկայ:

Եւրոպական Միութիւնը արտօնութիւն տուած է թրքական ընկերութեան, որ արդէն ուղարկած է կաթնամթերքի իր առաջին արտադրութիւնը Յունաստան:  Թրքական ընկերութեան գործարանը հաստատուած է Լուլեպուրկազի մէջ, 2009էն եւ օրական 500 թոն կաթնամթերք կ'արտադրէ: Յունաստանի շուկային միջոցաւ կաթը պիտի ղրկուի նաեւ Գերմանիա:

Թրքական ապրանքներու ներմուծման արտօնութիւնը Յունաստան տրուեցաւ այնպիսի  պահու մը, երբ երկրէն ներս անասնաբուծութեան մարզը խեղդամահ վիճակի մէջ կը գտնուի:  Յոյն անասնաբոյծները պարտքերու եւ բարձր տոկոսներով վարկերու տակ կը կքին, կենդանիներու կերի համար բարձր հարկեր կը վճարեն եւ անոնցմէ շատեր կ'ուզեն լքել ասպարէզը, յուսատու ապագայ չտեսնելով այս մարզէն ներս: