Երիտասարդութեան գործազրկութեան հարցի կապակցութեամբ Յունաստան կը դիմագրաւէ իր ամէնավատ ժամանակաշրջանը: Այս խօսքերով յատկանշեց Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, հելլէն նոր սերունդի անհեռանկար ապագայի հարցը, դիտել տալով թէ արտահերթ լուծումներու պէտք է երթալ, ահազանգային վիճակը դարմանելու համար:
Վարչապետ Ա. Սամարաս Պրիւքսելի մէջ քննարկումներու շարք մը ունեցած է Մարիօ Տրակիի եւ Վերներ Հոյերի, ինչպէս եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ, պնդելով թէ Եւրոպական կառուցուածքային հիմնադրամներու եւ ֆոնտերու օգտագործման պէտք է դիմել: «Յունաստանի մէջ գործազրկութիւնը ընկերային ահաւոր դժուարութիւններու պատճառ դարձած է: Մենք պէտք է մտածենք ստեղծագործ եւ արագօրէն կիրարկելի լուծումներ գտնելու մասին» ըսած է ան: