Երէկ Երեքշաբթի գիշեր խորհրդարանի վաւերացման յանձնուեցաւ՝ Eurogroup-ի կողմէ 6.8 միլիառ եւրոյի գումարի փոխանցման նախապայման նկատուող նոր օրինագիծը, որ բաղկացած է 109 յօդուածներէ եւ ըստ էութեան՝ ճանապարհ կը հարթէ հազարաւոր պաշտօնեաներու աշխատանքէ արձակումը նախատեսելով:

Նոր օրինագիծի դժուար ընդունելի յօդուածները անգամ մը եւս փորձաքար պիտի դառնան համա- կառավարող կուսակցութիւններուն համար:

Առաջին հերթին, ամրան ընթացքին, կը նախատեսուի 52 մասնագիտութիւններէ 2000 ուսուցիչներու գործէ արձակումը, եւ յաւելեալ 500 հոգիի տեղափոխումը:

Փաստօրէն ուսուցիչներու տեղաշարժն ու գործէ արձակումները ուղղակիօրէն կապուած են արհեստավարժ լիկիոններու մէջ կատարուող փոփոխութիւններով, որ լուրջ վերատեսութեան կÿենթարկեն երկրի կրթական համակարգը:

Ուսուցիչներու սենտիքան կը հակազդէ այս կացութեան, ցոյցեր կազմակերպելով եւ քաղաքապետութիւններու գրաւումներու մասին նախազգուշացնելով: