Յունաստանի քաղաքական կեանքէն ներս վերջին երեք 24 ժամերը յատկանշած իրադարձութիւնները՝ կառավարական նոր կազմի ձեւաւորման առաջնորդեցին:
Կառավարական համախոհութիւնը լքելու ՏԻՄԱՐի նախագահ Ֆոթիս Քուվելիսի որոշումի վաւերացումէն ետք, կուսակցութեան նախարարները, փոխ նախարարները եւ ընդհանուր քարտուղարները դուրս եկան իրենց պաշտօններէն: Երկու ուժերու վրայ յենուած կառավարական նոր կազմին մէջ՝ յետ այսու զօրացած պիտի ըլլայ ՓԱՍՕՔի ներկայութիւնը:
Երէկ գիշեր յայտարարուեցաւ կառավարական նոր կազմը, որ կը բաղկանայ 41 անդամներէ (11ը ՓԱՍՕՔէն) եւ 24 նախարարներէ: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնեց Էվանկելոս Վենիզէլոս, իսկ Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս տեղափոխուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութիւն: Բարեփոխումներու կարեւոր նախարարութիւնը ստանձնեց Քիրիաքոս Միցոթաքիս: Այլ նախարարական պաշտօններ ստանձնեցին Ատոնիս Եորղիատիս, Միխալիս Խրիսոխոյիտիս:
Կառավարութեան նոր կազմի երդման արարողութիւնը տեղի կÿունենայ այսօր Երեքշաբի կէսօրին, որու պիտի յաջորդէ խորհրդարանի նիստի գումարում: Կառավարութիւնը պէտք է արագացնէ իր աշխատանքի գործելաձեւը, քանի որ յառաջիկայ 15օրեայ շրջանին մէջ պէտք է իրագործէ նախորդ եռամսեային չգործադրուած, բայց պարտադրուած, բոլոր ծրագիրները, որոնք անհրաժեշտ նախապայման են ստանալու համար 8,1 միլիառ եւրոյի վարկի գումարը:
Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս Պրիւքսել պիտի մեկնի վաղը Չորեքշաբթի օր, մասնակցելու համար Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովին: