ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ԿԱԶԻ ՀԱՆՔԵՐԷՆ՝ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱ

TAPի տնօրէն Քճեթիլ Թունկլանտի եւ Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Եանիս Սթուրնարասի միջեւ երէկ հանդիպում կայացաւ եւ խողովակաշարը հիւրընկալող երկրի մասին համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:

Ներկայ էին ատրպէյճանական Շահ Տենիզ կազի հանքի ներկայացուցիչները, որոնք հանդիպում պիտի ունենան նաեւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հետ:

Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւի հանդիպումը՝ Յունաստանի փոխ վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի հետ:

Պաշտօնական յայտարարութիւնը Ուրբաթ օր պիտի կատարուի, բայց արդէն յայտնի է թէ ազերիները ընտրած են TAP խողովակաշարը՝ Կասպից ծովու հանքերէն արտադրուող կազը՝ Եւրոպական շուկա փոխադրելու համար:

Խողովակաշարի հսկայական աշխատանքը ստանձնած բազմազգեան ընկերութեան ներկայացուցիչները, լուրը երէկ հաղորդեցին Յունաստանին, որ կ'ողջունէ այս ընտրութիւնը՝ տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական օգուտ ակնկալելով այս գործէն:

Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Եանիս Սթուրնարաս եւ TAP-ի (Trans Adriatic Pipeline) ընկերութեան տնօրէն Քճեթիլ Թունկլանտ համաձայնագիր ստորագրեցին, Յունաստանէն անցնող խողովակաշարի բաժնին վերաբերեալ:

Ինչպէս ծանօթ է, օրերէ ի վեր ընթացքի մէջ էին ճնշումները «Նապուքօ» եւ TAP խողովակաշարերու վերջնական ընտրութեան առումով: Օրեր առաջ Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ նախագահները նամակ յղած էին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին զինք յորդորելով կազի արտահանման համար ընտրել NabuccoWest կազամուղը:

Գոյացած համաձայնութեան վերաբերեալ յունական կառավարութենէն ներս տիրող խանդավառութիւնը չի բաժներ «Ոսկեայ արշալոյս» խորհըրդարանական խմբակցութիւնը, որ կը զգուշացնէ թէ «թրքախօս ա- զերիներու հետ համաձայնութիւնը՝ Յունաստանը կը վերածէ Թուրքիոյ ուժանիւթային արբանեակի: Երկրի համախոհական կառավարութիւնը կը մերժէ օգտագործել Յունաստանի հսկայական ուժանիւթային   հարստութիւնը եւ աշխարհի քաղաքական դաշտին վրայ երկիրը վերածած կը վերածէ աննշան մէկ մասնիկի» գրուած է «Ոսկեայ արշալոյս»ի մամուլին տարածած հաղորդագրութեան մէջ: