• Վարչապետ պ. Տովաս, անցեալ օր, վեհապետին հաղորդեց Հոկտեմբեր 29ի ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները, եւ ներկայացուց իր կառավարութեան հրաժարականը: Վեհապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Տովասին, իր մատուցած ազգային ծառայութեանց համար եւ խնդրեց շարունակել երկիրը կառավարել, մինչեւ նոր դահլիճի կազմութիւնը: Վեհապետը աւելի վերջ իր մօտ հրաւիրեց Ազգային Արմատական միութեան պետ պրն. Գարամանլիսը՝ որուն յանձնեց նոր դահլիճի կազմութեան պարտականութիւնը: Պրն. Գարամանլիս պալատէն մեկնելէ յետոյ անմիջապէս գործի ձեռնարկելով՝ կազմեց նոր դահլիճը, որ այսօր իր երդումը կը կատարէ եւ կը ստանձնէ երկրի ղեկը: Նոր կառավարութեան մէջ բազմաթիւ նոր դէմքեր կան: Մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, նոր դահլիճի կազմը հետեւեալն է. Գարամանլիս՝ վարչապետ, Քանելոբուլոս՝ փոխ-վարչապետ, Ավերօֆ՝ արտաքին գործոց, Բաբալիղուրաս՝ համադրական, Թէոդոքիս՝ ելեւմտական, Ռալլիս՝ ներքին գործոց, Բրոթոբաբատաքիս՝ ազգային պաշտպանութեան, Մաքրիս՝ վարչապետարանի, Գասիմաթիս՝ կրթական, Բիբինելիս՝ առեւտուրի, Վրանոբուլոս՝ հաղորդակցութեան, Խրիսանթոբուլոս՝ աշխատանքի, Բաբաքոնսթանթինու դատական, Կիքաս՝ հանրօգուտ շինութեանց, Զիսաքիս՝ քարտարարւեստի, Սթրաթոս՝ խնամատարական: Առեւտրական նաւարկութեան եւ երկրագործական նախարարները ինչպէս նաեւ փոխ-նախարարները դեռ չեն որոշուած:

 

  • Աղեքսանդրուպոլսոյ բնակիչներէն տէր եւ տիկին Մարուքեանի դուստրը՝ բանաստեղծ Վարդգէս Յակոբեանի քրոջ աղջիկը՝ Նատիա Մարուքեան, յաջող քննութիւնէ մը յետոյ ընդունւած է Թեսաղոնիկէի համալսարանի անգլիական գրականութեան վարժարանը, մրցման մասնակցող հարիւր թեկնածուներուն մէջ տասնըմէկերորդ հանդիսանալով: Օր. Նատիա կը հետեւի նաեւ Թեսաղոնիկէի Երաժշտանոցի դաշնակի դասընթացքին, զոր պիտի շարունակէ: