Միացեալ ազգերու թշնամիներուն ուրախութիւն կը պատճառէ այն, որ միջազգային կազմակերպութիւնը ոչ միայն առաջնորդութիւն չունի, այլեւ գործնականին մէջ խորտակուած է:
«Միացեալ ազգերը այժմ կը գտնուին սնանկութեան առջեւ», յայտարարեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Հաուըրտ Կրին: Տակ Համարշեոլտի տեղ առժամեայ ընդհ. քարտուղար մը նշանակելու ջանքերը կը շարունակուին, եւ արդէն իսկ ելեւմտական ծանր կացութիւնը կ՛աւելնայ: Համարշեոլտի մահը, Սեպտեմբեր 18-ին, ներքնապէս կապ ունի Միացեալ ազգերու դրամական խնդիրներուն հետ: Այն ատեն, ինչպէս այսօր, համաշխարհային կազմակերպութիւնը 100 միլիոնի պարտք մը ունի, մինչեւ դեկտեմբեր 31: Սակայն Միացեալ ազգերու շուէտացի պետը վստահ էր, թէ կրնար այս պարտքը գոցել՝ խաղաղութիւն հաստատելով Քոնկոյի հարուստ գաւառին՝ Քաթանկայի մէջ: Քոնկոյի կեդրոնական կառավարութիւնը կազմելով՝ Միացեալ ազգերը կրնային յուսալ կտրել իրենց 17.000-նոց բանակը՝ կէսի վերածելով զայն Յունուարին եւ այսպէս, ամսական Քոնկոյի տրուած 10 միլիոն տոլարի պիւտճէն վերածել 6 միլիոնի: Այս հաշուով է, որ Համըրշեոլտ կրակի դադրեցումը կ՛ուզէր Քաթանկայի հետ: Ընդհանուր քարտուղարի մահով, Քոնկոյի տագնապը քաոսային կը մնայ: Ոչ մէկ յոյս կը տեսնուի, թէ ի՛նչ միջոցով պիւտճէն պիտի կրճատուի: Բազմաթիւ երկիրներ իրենց բաժինը չեն վճարած այս տարի, Քոնկոյի 84 միլիոն տոլարի պիւտճէին մէջ: Գանատա մէկն է այն 14 երկիրներէն, որոնք վճարած են իրենց պարտքը: Միւս պետութիւններն են՝ Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիա, Դանիա, Հնդկաստան, Իրլանտա, Հոլանտա, Լիպերիա, Նոր Զելանտա, Նորվեկիա, Թուրքիա, Բրիտանիա, Տահսմէյ եւ Փղոսկրեայ Ափունք ծովեզերեքը: Մ. Նահանգները կէսը կը վճարեն Քոնկոյի ծախքերուն, թէեւ Միացեալ Ազգերուն սովորական ծախքերու 32 առ հարիւրը կը վճարեն: Խորհրդային Միութիւնը ոչինչ վճարած է: Ոչ ալ՝ Ֆրանսա եւ Ազգայնական Չինաստան: