Յարութիւն Աթոյեան մասնագիտութեամբ բնագէտ էր եւ երկար տարիներ կը դասաւանդէր Երեւանի համալսարանին մէջ, ուր վարիչն ու սիրուած դասախօսն էր ռատիօելեկտրոնիկի եւ տատանումներու ամպիոնին:
Ազատ ժամերուն կը զբաղէր նկարչութեամբ: Մանուկ հասակէն սիրելով նկարչութիւնը եւ երեւան բերելով ընդունակութիւններ, Յ. Աթոյեան (1907-1958) մինչեւ իր կեանքին վերջը սիրով կը նկարէր պատկերներ, որոնցմէ մօտ յիսուն գործեր ներկայացւած են իր մահէն ետք: Յ. Աթոյեանի գործերը կը պատկերացնեն հայրենի բնութեան տեսարաններ, մեծ մասամբ Սեւանայ լիճը, Լոռին, Ստեփանաւանը, Փամպակի եւ այլ տեղերու կանաչաւէտ սարերը, քարքարոտ ճամբաները, խոր ձորերը, դաշտերը, Արագած լեռը, Երեւանը, եւ վերջապէս Սեւ ծովը, որոնք իրենց ինքնատպութեամբ եւ գունագեղութեամբ կը գրաւեն դիտողին ուշադրութիւնը: Ինքնուս նկարիչը կը սիրէ ընդգծել բնութեան առարկաները՝ ծառ, քար եւն., իրենց բնական գիծերով, տեսակ մը բարեխիղճ վերարտադրութիւնը, անշուշտ ասոնց մէջ դնելով վեհութիւն եւ հանդիսաւորութիւն, որոնք աւելի բովանդակալից եւ ներգործօն կը դարձնեն իր նկարները:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանուց 32-րդ (1961-62) դպրոցական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ, դպրեվանքի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, նախագահութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ ի ներկայութեան բոլոր միաբան հայրերուն եւ ուսուցչական կազմին: Ոգեւորիչ տեսարան էր դիտել թափօրը երիտասարդ Միաբան Հայրերուն:
Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տեսուչ գեր. Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեանի թարգմանութեամբ եւ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ ֆրան-սական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ գեր. Հ. Յովհ. վրդ. Մըսըրեանի յառաջաբանով Փարիզի մէջ լոյս տեսած է Գրիգոր Նարեկացիի «Աղօթամատեան»ը: