- Երեւանի մէջ լոյս տեսած է փրոֆ. Արշալոյս Արշարունիի «Հայ ժողովրդական թատերախաղեր» ուսումնասիրութիւնը: Հեղինակին նպատակն է ցոյց տալ հայ ժողովրդական թատերախաղերուն ազգային եւ ժողովրդական նկարագիրը: Այս գրքին մէջ մանրամասն փաստերով նկարագրուած է հայ ժողովրդական թատերախաղերուն մէկ մասը: Սակայն, ինչպէս դիտել կուտայ հեղինակը, ան կանգ չէ առած «Ղարա-գէօզ»ի պէս ժողովրդական խաղերուն, լարախաղացներուն, ծաղրածուներուն, մենակատարներու ներկայացումներուն վրայ, որոնք նոյնպէս կարեւոր երեւոյթներ են: Գրքին կցուած են հետաքրքրական ծանօթութիւններ:
- Աշտարակաձեւ կռունկներ կը գործածուին շէնքերու շինութեան համար: Մեքենայի մասնագէտ մը՝ Վ. Պօղոսեան, յաջողած է շինել շրջանաձեւ երկու հարթակներէ կազմուած նոր կռունկ մը, որ քանդելու, փոխադրելու եւ վերստին գործածութեան դնելու ժամանակը 12-15 օրէն կրճատած է ընդամէնը չորս օրի:
- Մանուկներու առողջարաններ շինուած են, հոն, ուր, բնութիւնը գեղեցիկ եւ փարթամ է: Ամառուան ամիսներուն քաղաքներէն եւ գիւղերէն հարիւրաւոր մանուկներ մեկնած եւ հան-գըստացած են այս առողջարաններուն մէջ: Օրինակ, Գիւլագարակ գիւղին մօտերը գտնուող մանկական առողջարանը, որ քարակերտ շինութիւններէ կը բաղկանայ եւ ունի ննջասենեակներ, խաղավայրեր, ընդարձակ ճաշասըրահ, գրադարան եւ ակումբ, բուժած կամ կազդուրած է 450 երեխաներ, ամառուան տաքերուն: Իրենց դուռները լայն բացած են նաեւ Ջերմուկի, Ծաղկաձորի, Հանքաւանի, Աղանաքորի առողջարանները: Ընդամէնը տասը մանկական առողջարաններ կան Հայաստանի մէջ: Անշուշտ մեծ թիւ չեն ներկայացներ, այսուհանդերձ, չորս հազար երեխաներ իրենց հանգիստը անցուցած են՝ ստանալով նոր ուժ եւ եռանգ, ուսումնական տարին յաջող սկսելու համար: