• Հալք կուսակցութեան Պոլսոյ ծերակոյտի թեկնածու եւ Հալքի Պոլսոյ վարչական ժողովի քարտուղար Էքրեմ Էօզտեն հետեւեալ յայտարարութիւնը ղրկած է Պոլսոյ հայ թերթերուն.- Սիրելի՛ հայ հայրենակիցներ, ցաւով կը տեսնենք, թէ զանազան միջոցներով եւ ակնարկութիւններով աշխատանք կը տարուի ձեզ համոզել, որ եթէ Հալք կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ գայ, ապօրէն կարգ մը որոշումներ պիտի գործադրէ ձեզի՝ փոքրամասնութիւն կոչուած հատուածին դէմ: Իբրեւ հալքեան Պոլսոյ վարչական ժողովի քարտուղար եւ Պոլսոյ ծերակոյտի թեկնածու, ոչ թէ այդ տգեղ քարոզչութիւններուն պատասխանելու համար, այլ բոլոր հայրենակիցներուս հանգիստը ապահովելու նպատակով կը յայտնեմ, թէ բոլորովին անհիմն են այդ զրոյցները:     Յարգելի հայ հայրենակիցներ, վճռական կերպով կ՛ուզեմ յայտնել, թէ Հալք կուսակցութեան մեծագոյն նպատակն է եւ վճռած ենք, առանց ցեղի, կրօնի եւ լեզուի խտրականութեան մեր գեղեցիկ երկրին մէջ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտ մը ստեղծել: Հալք կուսակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ ձեր համայնքային հոգերը մէկ-մէկ քննած է: Անոնց կարգին մեզի ծանօթ է նաեւ ձեր այն իրաւացի փափաքը, որ կ՛ուզէք վերակազմել Կեդրոնական մատակարար եւ համագործակցութեան  մարմին. եթէ մեզի վիճակի իշխանութիւնը, կը յայտնեմ, թէ ձեզի պիտի տրուի առիթը, որպէսզի դուք ձեր կալուածներուն լաւ մատակարարման համար անհրաժեշտ եղող նման մարմին մը ընտրէք՝ ձեր սովորութիւններուն համաձայն:

 

  • Քանի մը շաբաթէ ի վեր ամբողջ Փարիզը հմայուած է, ծագումով հայ՝ սովիէթ արուեստագիտուհի Մայա Փլիցեսկայայի պարերով: Բոլոր թերթերը միաձայնութեամբ  ներբողալից տողեր կը նուիրեն Մայա Փլիցեսկայայի նուրբ արուեստին, ճկունութեան եւ շարժուձեւերու համաչափութեան շուրջ: