- Հարաւարեւելեան Հնդկաստանի Կերալա քաղաքին մէջ, սովահար քաղաքացիներ, բուռն ցոյցեր կատարելով կառավարութեան ուտեստեղէնի քաղաքականութեան դէմ, կառաշարներ կեցուցին, հեռաձայնային խողովակներ փճացուցին եւ պատնէշներ կանգնեցուցին։ Սովահար քաղաքացիները կը պոռային.¬ «Բրինձ տուէք կամ մեզ մեռցուցէք»։ Ցուցարարները կը պահանջէին

Եղեռնի 50ամեակի ոգեկոչական, ազգային թէ յարաբերական ծանօթ գործունէութեանց իբրեւ բնական շարունակութիւն՝ Կեդրոնական յանձնախումբս վերջին քանի մը ամիսներուն իրագործած է եւ պիտի իրագործէ կարգ մը նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ տեղի կ՛ունենան անաղմուկ, սակայն սերտ կապ ունին հայութեան արդար Դատի ծանօթացման ու արծարծումի

Ուիլիըմ Սարոյեան ինք իր մասին

Թէեւ ես գրում եմ անգլերէն եւ թէեւ ծնունդով ամերիկացի եմ, բայց ես ինձ համարում եմ հայ գրող: Իմ գործածած բառերը անգլերէն են: Միջավայրը, որի մասին գրում եմ, ամերիկեան է: Ոգին, սակայն, որ մղում է ինձ գրելու, հայկական է: Ուստի ես հայ գրող եմ: Ես խորապէս սիրում եմ հայ գրողների մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը: Ես հպարտ եմ հայ ժողովրդի

- Վերջերս, Երեւանի գիտահետազօտական ուսումնարանին մէջ հաստատուած է բարձր ջերմաստիճանի արեգակնային հնոց մը։ Արեգակնային այս կազմածին ջերմաստիճանը երեք հազարի կը հասնի։ Անոր միջոցով՝ գիտնականները պիտի կարենան ուսումնասիրել զանազան շինանիւթերու ջերմային յատկութիւնները։

- Պրազիլիոյ մէջ, անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 11ին տեղի ունեցած է նահանգներու կառավարիչներու ընտրութիւն։ Իր մրցակիցներէն քուէներու մեծ տարբերութեամբ՝ Պրազիլիոյ մեծագոյն նահանգներէն Մաթօ Քրոսոյի կառավարիչ ընտրուած է Փետրօ (Պետրոս) Պետրոսեան անունով հայ մը։ Պրազիլիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ հայ մը կառավարիչ կ'ընտրուի