- Վերջերս, Երեւանի գիտահետազօտական ուսումնարանին մէջ հաստատուած է բարձր ջերմաստիճանի արեգակնային հնոց մը։ Արեգակնային այս կազմածին ջերմաստիճանը երեք հազարի կը հասնի։ Անոր միջոցով՝ գիտնականները պիտի կարենան ուսումնասիրել զանազան շինանիւթերու ջերմային յատկութիւնները։

- Հայաստանի Երաժշտագէտներու Տան դահլիճին մէջ, վերջերս տեղի ունեցած է երգեհոնային երաժշտութեան երեկոյ մը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցած է Պոսթընի սենֆոնիկ նուագախումբի մենակատար Պերճ Ժամկոչեան։ Ամերիկահայ երգեհոնահարի յայտագիրը ընդգրկած է տարբեր ժամանակներու եւ երկիրներու երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները։

- Ներկայիս Երեւանի բնակչութիւնը մօտաւորապէս 700.000 է։ 1913ին ունէր 30.000, 1926ին՝ 64.000, 1939ին՝ 204.000, իսկ 1959ին՝ 509.000։

- Լոյս տեսած է սրտի հիւանդութեանց ու սրտի վիրաբուժութեան հայկական հիմնարկի քառամեայ գործունէութեան արդիւնքները ընդհանրացնող գիրք մը, որ կը պարունակէ աւելի քան 60 յօդուածներ, ուր կը քննարկուին սրտանօթային սիսթէմի դարմանումին ամէնէն հրատապ խնդիրները։

- Երեւանի Մատենադարանին մէջ գտնուած է Հոմերոսի «Իլիատա»ի մէկ անծանօթ թարգմանութիւնը, որ կատարուած է 1783ին, հայ ծանօթ անձնաւորութեան մը՝ Կ. Պոլսոյ մէջ ապրած եւ աշխատած Գէորգ Դպիրի կողմէ։ Պատմական Գիտութիւններու տոքթ. Ասատուր Մնացականեան հաստատած է, թէ այս թարգմանութիւնը կատարուած է 17րդ դարու յունարէն համառօտ բնագիրէն։ Գէորգ Դպիրի այս աշխատութիւնը 60 տարի վերջ ծառայած է Հայր Չամչեանին «Իլիատա»ի իր թարգմանութեան համար, որ մինչեւ հիմա այս գործին առաջին թարգմանութիւնը կը նկատուէր։