- Լոնտոնի մէջ այս տարեսկիզբին հիմնուած է ՀԱՐՔ հրատարակչութիւնը, որուն նպատակն է անգլերէն լեզուով լոյս ընծայել հայկական կեանքի վերաբերեալ լուրջ ուսումնասիրութիւններ։ ՀԱՐՔը որպէս անկախ հաստատութիւն, առանց գաղափարախօսական խտրութեան, հրատարակութեան համար նկատի պիտի առնէ մշակութային եւ ընկերաբանական խնդիրներու շուրջ արժէքաւոր երկեր։ ՀԱՐՔ արդէն հրապարակ հանած է իր առաջին հրատարակութիւնը՝ Եդուարդ Գիւլբէկեանի «Կուսակցութիւնը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին» (անգլերէն լեզուով պրակ մը)։
- Ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս տեղեկութիւն տուաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն, թէ 15 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը դրուած է ֆրանսական հիւանդանոցային ընկերակցութեան տրամադրութեան տակ՝ Լիբանանի ֆրանսական հիւանդանոցներու արդիականացման համար: Այս գումարը, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, պիտի յատկացուի 400 մահճակալնոց նոր հիւանդանոցի մը շինութեան, որ կախում պիտի ունենայ «Օթել-Տիէօ տը ֆրանս»էն: Այս հիւանդանոցը պիտի օժտուի ամէնէն արդիական կազմածներով: Պիտի ունենայ վիրաբուժութեան ճիւղ մը, դարմանումի ճիւղ մը եւ ուրիշ մը՝ ստիպողական պարագաներու: Այս գումարին յատկացումը ուղղակի արդիւնք է այն խօսակցութիւններուն, որ նախագահ Հելու ունեցաւ զօրավար Տը Կոլի հետ, Ֆրանսա իր այցելութեան առթիւ: Այդ խօսակցութիւններուն փակումէն ետք հրատարակուեցաւ միացեալ զեկոյց մը, ըստ որուն, ֆրանսական կառավարութիւնը յանձն կþառնէր իր օժանդակութիւնը ընծայելու Լիբանանի՝ զանազան մարզերու մէջ: