- Հարաւարեւելեան Հնդկաստանի Կերալա քաղաքին մէջ, սովահար քաղաքացիներ, բուռն ցոյցեր կատարելով կառավարութեան ուտեստեղէնի քաղաքականութեան դէմ, կառաշարներ կեցուցին, հեռաձայնային խողովակներ փճացուցին եւ պատնէշներ կանգնեցուցին։ Սովահար քաղաքացիները կը պոռային.¬ «Բրինձ տուէք կամ մեզ մեռցուցէք»։ Ցուցարարները կը պահանջէին

ուտեստեղէններու նախարարին հրաժարումը։ Նման ցոյցեր տեղի ունեցան հնդկական ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ։

- Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի եւ հելլէն կառավարութեան միջեւ խօսակցութիւնները կþաւարտին այսօր։ Խօսակցութեանց աւարտման առթիւ, միացեալ զեկոյց մը պիտի հրատարակուի։ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս եւ պրն. Քիփրիանու Կիպրոս պիտի վերադառնան վաղը։ Երէկուան խօսակցութեանց նիւթը Կիպրոսի պաշտպանութիւնն էր։ Այդ պատճառով խօսակցութեանց մասնակցեցան նաեւ պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ զօրավար Ցոլաքաս։ Խօսակցութեանց աւարտումէն ետք, Մակարիոս Արքեպիսկոպոս լրագրողներուն յայտարարեց՝ թէ Կիպրոսի պաշտպանութիւնը շատ լաւ կազմակերպուած է։ Կիպրոս կրնայ արտաքին որեւէ յարձակման դիմադրել։ Այսուհանդերձ, կիպրացի նախագահը այն կարծիքը յայտնեց՝ թէ Թուրքիա Կիպրոսի դէմ յարձակում մը պիտի չփորձէ։ Նոյն կարծիքը յայտնեց նաեւ փոխ¬վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Ցիրիմոքոս։ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս երէկ տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ նախկին վարչապետ պրն. Բիբինելիսի հետ։ Վարչապետ պրն. Սթեֆանոբուլոսի հրահանգով՝ ազգային պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ զօրավար Ցոլաքաս պիտի այցելէ Կեդրոնի Միութեան պետ պրն. Ե. Բաբանտրէուին, Յառաջդիմական կուսակցութեան պետ պրն. Մարքեզինիսին եւ պրն. Ֆրոնտիսթիսին եւ անոնց տեղեկութիւններ պիտի տայ Կիպրոսի մէջ տիրող զինուորական կացութեան մասին։

- Մոսկուայէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Խորհրդային Միութիւնը դէպի լուսին արձակած է ինքնագործ միջերկրային նոր կայան մը, «Լունա 9»ը։