Եղեռնի 50ամեակի ոգեկոչական, ազգային թէ յարաբերական ծանօթ գործունէութեանց իբրեւ բնական շարունակութիւն՝ Կեդրոնական յանձնախումբս վերջին քանի մը ամիսներուն իրագործած է եւ պիտի իրագործէ կարգ մը նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ տեղի կ՛ունենան անաղմուկ, սակայն սերտ կապ ունին հայութեան արդար Դատի ծանօթացման ու արծարծումի աշխատանքին հետ: Կþուզենք ապահովութիւն ընծայել ամերիկահայութեան, ու առհասարակ՝ բովանդակ հայութեան, թէ 1965ով չենք սահմանափակեր մեր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայ Դատի արծարծումին եւ յատկապէս հետապնդումին՝ Թուրքիոյ կողմէ կապտուած հայկական հողերուն, որոնք պէտք է վերադարձուին իրաւատէր հայութեան: 1965ը նոր հանգրուան մըն էր մեզի համար՝ թափ տալու Հայ Դատին ի նպաստ տասնամեակներէ ի վեր ծրագրուած կամ իրագործուած աշխատանքներուն: Մենք վստահօրէն առիթը պիտի ունենանք խօսելու այս ուղղութեամբ մօտաւոր ապագային: Մինչ այդ կþուզենք տեղեկացնել յարգոյ հասարակութեան, թէ՝ Յարգանքի Այց՝ Վսեմ. Կարտինալ Քուշինկի 3 Յունուար 1966, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, յանուն Եղեռնի 50ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին ու ամերիկահայ Հայ Դատի յանձնախումբին, փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ իրաւագէտ Արամ Գալուստեան, ընկերակցութեամբ յանձնախումբի յարաբերական աշխատանքներու խորհրդատու պարոն Ուիլիըմ Ֆրերի Ֆոն Պլոմպերկի, մասնաւոր ժամադրութեամբ յարգանքի այցելութիւն մը տուին կարտինալ Ռիչըրտ Քուշինկի՝ հայութեան անունով յայտնելու համար իրենց շնորհակալութիւնը այն ազնիւ, անվերապահօրէն բարեացակամ ու արդար վերաբերումին համար, որով ինք անձնապէս, ինչպէս նաեւ իր հովանաւորութեան տակ Կաթողիկէ եկեղեցին գործօն կերպով բերին իրենց մասնակցութիւնը Եղեռնի 50ամեակի ոգեկոչական հանդիսութեանց եւ մասնաւորաբար Պոսթընի մէջ, 24 Ապրիլ 1965ին, կաթողիկէ մայր եկեղեցիին մէջ յարգանքի ու հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն կատարեցին յատուկ պատարագով եւ օրուան պատշաճ քարոզով՝ շեշտելով քաղաքակիրթ հայութեան արժանաւորութիւնը՝ տէր դառնալու իր բոլոր տեսակի իրաւունքներուն: