Ցուրտ օդ եւ ցած ջերմաստիճան կը յայտկանշեն հիւսիսային Յունաստանի շրջանները, ուր ջերմաչափը իջած է 0-է վար: Սերէսի եւ Էտէսայի մէջ արձանագրուեցաւ -2 ցուցանիշը:

Գործադուլով յատկանշուած երկօրեակ մը կը սկսի այսօր եւ վաղը Յունաստանի աշխատաւորներու սենտիքաներու կազմակերպած բողոքի ցոյցերով եւ գործադուլով։

Աւստրալիոյ Փերթ քաղաքին մէջ իրականացած polo-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրէն ներս, Յունաստանի երիտասարդ աղջիկներու խումբը՝ 9-5 արդիւնք արձանագրելով յաջողեցաւ խլել տիտղոսը:

Թրքական օդուժը ծայրայեղ գրգռութեան անցած է, ռազմական սաւառնակներով եւ ուղղաթիռներով 18 անգամ բռնաբարելով Յունաստանի օդային մարզը:

Սկիզբէն կը քննարկուի եւ սրբագրութեան կ'ենթարկուի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Յունաստանի հարկային նոր օրինագիծը. պատճառը՝ բողոքներու փոթորիկը որ բարձրացաւ տնտեսական խումբի առաջին ներկայացումներէն ետք: