Ցուրտ օդ եւ ցած ջերմաստիճան կը յայտկանշեն հիւսիսային Յունաստանի շրջանները, ուր ջերմաչափը իջած է 0-է վար: Սերէսի եւ Էտէսայի մէջ արձանագրուեցաւ -2 ցուցանիշը:
Ձիւն կայ Գասթորիա, Ֆլորինա, Գոզանի հիւսիսային շրջաններէն ներս, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքին գործող զբօսաշրջական դահուկավազքի կեդրոնններէն ներս:
Շաբաթավերջի ընթացքին նախատեսուած է ջերմաստիճանի յաւելեալ նուազում: