Աթէնքի «Կրանթ Պրեթանիա» հիւրանոցէն ներս ներկայացումը տեղի ունեցաւ 188 նկարչական գործերու, որ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին աճուրդի պիտի դրուին Փարիզի մէջ:
Այլ գործերուն առընթեր ներկայացուած էր Աքրոփոլիսը պատկերող Յովհաննէս Այվազովսքիի մէկ գեղանկարը, որ նկարուած էր Յունաստան իր այցելութեան առիթով: Այվազովսքի բացառիկ յունասէր մըն էր, եւ իր գործերուն մէջ յատկանշական կարգ մը գեղանկարներ նուիրուած են Յունաստանի գեղեցիկ վայրերու՝ ինչպիսին են Սունիօ, Կրետէ, Աքրոփոլը (1883ին) եւայլն: