Յունաստան հանգրուանային ձեւով պիտի ստանայ 43.7 միլիառ եւրօ գումարի վարկը

Յունաստանի համար կարեւոր որոշումով մը աւարտեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ Eurogroup-ի խորհրդաժողովը:

Մօտ 14 ժամ տեւած քննարկումներէն ետք, եւրոպացի ժողովականները որոշեցին չորս հանգրուանով փոխանցել 43.7 միլիառ եւրոյի գումարը, որու մեծագոյն բաժինը՝ 34.4 միլիառ եւրօ տրամադրելի պիտի ըլլայ Եւրոգօտիի երկիրներու խորհրդարաններու վաւերացումէն ետք:

Մարաթոնային խորհրդաժողովի աւարտին՝ Ժան Գլոտ Եունքեր մամլոյ ասուլիս մը տալով, յայտնեց թէ իրապէս դժուար համաձայնութիւն գոյացաւ, որ սակայն կարեւոր հանգրուան կը ստեղծէ թէ՛ Յունաստանի թէ՛ Եւրոգօտիի համար: Ան դիտել տուաւ թէ Յունաստան «տպաւորիչ փոփոխութիւններ» կարողացած է իրագործել, այսուհանդերձ միջամտողական քննութիւններ պիտի շարունակեն կատարուիլ  երկրի ֆինանսական եւ պիւտճէտային ճանապարհին ընթացքին:
Իր կարգին, Օլի Ռէն, նոյնպէս լրագրողներուն խօսելով, դիտել տուաւ թէ Եւրոգօտիի արժանահաւատութեան վերաբերող քննութիւն մըն էր համաձայնագրի կնքումը, որ Յունաստանի շուրջ ստեղծուած անորոշութիւնը կը վերացնէ: Ան հաւաստիացուց թէ եւրոպացի գործընկերները պիտի շարունակեն թիկունք կանգնիլ Յունաստանին:

Օտար մամուլին անդրադարձը

Կեդրոնական լուր կազմեց օտար մամուլի արձագանգումներուն մէջ Յունաստանին տրուած նոր վարկի լուրը: BBC դիտել կուտայ, թէ Յունաստանի պարտաւորութիւնը 40 միլիառ եւրոյի գումարով «թեթեւցած». լրատուամիջոցը կարեւորութեամբ կը ներկայացնէ Մարիօ Տրակիի յայտարարութիւնը,  թէ «Յունաստանը փրկելու մեր ջանքերը նոր թափ պիտի տան Եւրոպայի հանդէպ վստահութեան զգացումին»: Իր կարգին Le Figaro կը գնահատէ թէ 10 տարուայ ընթացքին Յունաս-տանի ճանապարհը՝ դէպի ֆինանսական կայունութիւն ուղղուած  պիտի ըլլայ: