Պարաք Օպամայի վերընտրութենէն ետք, արագընթաց նոր զարգացումներ տեղի կ'ունենան, Յունաստանին տրամադրուելիք վարկի փոխանցման գծով:

Գերմանիա ուղղակիօրէն հրաժարած կը թուի ըլլալ ներկայ պահուս եւ ներկայ պայմաններով վարկի փոխանցման քայլին դիմելէ, որ ըստ նախնական տուեալներու՝ Նոյեմբերի վերջաւորութեան ժամկէտով վերադասաւորուած է: Միջազգային Արժոյթի հիմնարկը փաստացի կերպով կը մերժէ ընդունիլ Յունաստանի շարունակական ֆինանսաւորումը, առկայ հանգամանքներու պայմաններուն տակ՝ քաղաքական լուծումի պահանջքը ներկայացնելով:
Յունաստանի մէջ քաղաքական զարգացումները արագընթաց պիտի ըլլան եւ մեծ մասով առընչուած՝ յառաջիկայ գագաթնաժողովի որոշումներուն հետ, մինչ դղրդումներ յառաջացած են Յունաստանի կառավարութեան մօտ:
Լարուած պարանի վրայ ընթացող հաւասարակշռութիւնները անկայուն վիճակ ստեղծած են, իսկ շատերու մօտ նաեւ այն վստահութիւնը, թէ կառավարական կազմը վերակազմութեան կարիքը ունի: