Ռուսական Gazprom եւ Sintez ինչպէս նաեւ ազերիական պետական SOCAR ընկերութիւնները իրենց հետաքրքրութիւնը յայտնած են Յունաստանի կազի ՏԵՓԱ ընկերութեան հետ համաձայնագիր մը կնքելու առընչութեամբ:

ՏԵՓԱ ընկերութեան մասնաւորեցման գործընթացին վերաբերող այսպիսի համաձայնութիւն մը գերազանց նշանակութիւն ունի Յունաստանի համար, որ կրնայ 1 միլիառ եւրոյի եկամուտ մը ապահովել այս ձեւով:
Ռուսական եւ ազերիական ուժանիւթային ընկերութիւններու հետաքրքրութիւնը Յունաստանի համար բացայայտ կը դարձնէ, թէ Եւրոպական Միութենէն ներս թափանցելու միջոցներ կը որոնեն երկու երկիրները: Այսուհանդերձ, Gazprom-ի հետ համաձայնութիւն մը ուժանիւթի շուկայէն ներս մոնոփոլային հարցերու խոչընդոտներու կրնայ բախիլ, նկատի առած թէ Պրիւքսել արդէն հետազօտութիւն կը կատարեն 50%ով Քրեմլինի պատկանող ընկերութեան շուրջ, որ Եւրոպայի կազ մատակարարող գերակշիռ իր դիրքէն՝ կազի գիներու մենաշնորեալ քաղաքականութիւն կրնայ վարել: