Թրքական օդուժը ծայրայեղ գրգռութեան անցած է, ռազմական սաւառնակներով եւ ուղղաթիռներով 18 անգամ բռնաբարելով Յունաստանի օդային մարզը:


Ըստ Յունաստանի Զինուած Ուժերու բարձրագոյն ղեկավարութեան գնահատումին, օդային խախտումները թրքական պատասխանն են Եգէականի տարածքին երէկ ամբողջացած  յոյն-իսրայէլեան միացեալ ռազմափորձին:
Աւելի յստակ, կը նշուի թէ  խախտումները իրագործած սաւառնակներէն 6ը՝ զինուած էին:

Թրքական օդուժի գործունէութիւնը ծաւալած է հիւսիսային եւ հարաւ-արեւելեան Եգէականի մէջ: