Սկիզբէն կը քննարկուի եւ սրբագրութեան կ'ենթարկուի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Յունաստանի հարկային նոր օրինագիծը. պատճառը՝ բողոքներու փոթորիկը որ բարձրացաւ տնտեսական խումբի առաջին ներկայացումներէն ետք:
Երկրի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս այսօր արտակարգ նիստի կը հրաւիրէ քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ առընչուած նախարարները, քննարկելու համար բարեփոխումներու ծրագիրը: Հարցը ճնշիչ է, նկատի առած թէ նախագիծը պէտք է աւարտի մէկ շաբթուայ ընթացքին: Մինչեւ շաբթու աւարտը պէտք է բարեփոխումներու առընչութեամբ համաձայնութիւն գոյանայ, իսկ բացառուած չէ երեք քաղաքական ղեկավարներու հանդիպում մը այս հարցով:
Օրինագիծի բովանդակութիւնը իր ընդհանուրին մէջ փոփոխութեան ենթակայ է: Ինչպէս կը հաղորդէ in.gr, առաջին հերթին, օրինագիծէն դուրս կը բերուի խնդրայարոյց այդ դրոյթը, որ 26.000 եւրօ եկամուտի վրայ՝ հարկերու 45% տոկոս կ'ենթադրէր: Վարչապետը յայտարարած է թէ տնտեսագէտներու առաջարկներ ստացած է, որոնց հիմամբ նոյն այս բարձր տոկոսը կը նախատուի տարեկան 50.000 եւրօ գումարի եկամուտներու կապակցութեամբ, այս պարագային նուազագոյն պաշտպանութիւնը տալով ընկերութեան միջին խաւի մարդոց:
3.4 միլիոն յոյներ՝ աղքատութեան սեմին
Երէկ հրապարակուած Eurostat-ի տուեալներուն համաձայն՝ Յունաստանի բնակչութեան 31%ը «ընկերային շրջափակման» պայմաններու տակ կÿապրի, անկարող ըլլալով նուազագոյն իր կարիքները հոգալու: Յաւելեալ, 21% տոկոս կազմող բնակչութիւն՝ աղքատութեան սեմին կը գտնուի, նոյնիսկ ընկերային նպաստներու յատկացումէն ետք:
Հրապարակուած տուեալները յայտնի կը դարձնեն, թէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու շարքին, Յունաստան ամէնէն բարձր չափանիշը ունի աղքատութեան սեմին վրայ ապրող բնակչութեամբ, յաջորդելով՝ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Լեթոնիոյ եւ Լիթուանիոյ ցուցանիշերուն: Նոյն պահուն, Եւրոգօտիի 17 երկիրնե- րուն մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը կը կազմէ 18.7 միլիոն մարդ. այս թիւին վրայ վերջին 173.000ը Հոկտեմբերի մէջ աւելցաւ:
Յունաստանի բնակչութեան 15.2% տոկոսը կարելիութիւնը չունի բաւարարելու կարեւոր նիւթական կարիքներ (նոյն այս ցուցանիշը 8.8% կը կազմէ Եւրոպական Միութեան տարածքին): Այս կարիքներն են՝ բնակարանի վարձք կամ վարկ, ջեռուցում, չնախատեսուած ծախսեր, շաբաթական մէկ անգամ միս կամ ձուկ ներառող սննդականոն, սեփական ինքնաշարժ:
Նշենք թէ նոր տարիէն սկսեալ, նոր դրութիւն պիտի կիրարկուի ընտանեկան նպաստներու կապակցութեամբ. այսպէս՝ տարեկան 18.000 եւրօ եկամուտ ունեցող ծնողներուն պիտի յատկացուի զաւակներու յատուկ նպաստը՝ մէկ զաւկի համար 40 եւրօ ամիսը, երկուքի պարագային՝ 80:
Պէտք է նշել, թէ Եւրոպական Միութենէն ներս ռազմավարա- կան առանձքային նպատակ կը կազմէ աղքատութեան ցուցանիշի նուազումը Եւրոպայի մէջ, մինչեւ 2020 թուական: