Գործադուլով յատկանշուած երկօրեակ մը կը սկսի այսօր եւ վաղը Յունաստանի աշխատաւորներու սենտիքաներու կազմակերպած բողոքի ցոյցերով եւ գործադուլով։

Աշխատաւորներու հիմնական պահանջքները կը կեդրոնանան կառավարութեան կիրարկած հարկային ծանր քաղաքականութեան վերացման վրայ, «սեւ» եւ առանց ապահովագրութեան աշխատանքի անընդունելի պայմաններուն, որ հետզհետէ անկայուն կը դարձնէ աշխատանքի դաշտը: Նոյն պահուն գործազուրկներու թիւը շարունակ կը բարձրանայ, հասած ըլլալով 800.000ի:
Գործադուլին կը մասնակցին նաեւ դեղագործները, հիւանդանոցներու պաշտօնեաները, բժիշկ-հիւանդապահները, ինչպէս նաեւ հանրային փոխադրութեանց պաշտօնէութիւնը։