Իտալիայի Նափոլի քաղաքին մէջ սկսած են զարգանալ հայ-իտալական մշակութային կապերը:

1000 պաղեստինցիներ ապաստան գտան յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ


Անվտանգութեան նպատակներով երէկուընէ կանգ առած են եւրոպական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքները դէպի Իսրայէլ: Նոյն գիծին հետեւած են նաեւ ամերիկեան օդանաւային որոշ ընկերութիւններ, լուրջ մտահոգութիւն պատճառելով Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նեթանիահուին, որ այս խնդրով ստիպուած եղած է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիին դիմելու:

Յուլիս 21-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ռոն-Ալպի պրեֆեկտ Ժան-Ֆրանսուա Կարենսոն, Լիոնի քաղաքապետ, սենատոր Ժերար Կոլոմբը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Շուզեվիլը կատարեցին Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Շառլ Ազնաւուրը, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, լրատուամիջոցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

«Իսրայէլ Նեշընըլ Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի փոխադրամիջոցներու նախարար, իշխող Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Եիսրայէլ Քաց հակադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 18-20 Յուլիս 2014ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը գումարեց իր 94րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին: