Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիւրընկալութեամբ, Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած է սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը։

Հանդիպման ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու, ինչպէս նաեւ Բնակչութեան, գաղթականութեան եւ ապաստանեալներու հարցերու գրասենեակներէն ներկայացուցիչներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած են վերջին իրադարձութեանց եւ ապահովական կացութեանց մասին։
Քուլիսներու ետին տեղի ունեցած սոյն հանդիպման ընթացքին, ամերիկացի պաշտօնատարներուն փոխանցուած են ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները։ Շեշտուած է յատկապէս կարիքաւորներուն անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու եւ գաղթականներուն ապաստանարաններ ապահովելու կարեւորութիւնը: